2014-10-25 13:52:25

Ասսիզիի մէջ խաղաղութեան մասին աղօթք եւ խորհրդածութիւն` Ասսիզիի հաւաքի 28-րդ տարեդարձին առթիւ։


(Ռ.Վ. 25 հոկտեմբեր 2014) 25- 27 հոկտեմբեր 2014, Ասսիզիի մէջ տեղի կ՛ունենան աղօթքի եւ խորհրդածութեան հանդիպումներ նուիրուած խաղաղութեան, վերյիշելու համար ''Ասսիզիի Հոգիին'' 28-րդ տարեդարձը։
Արդարեւ 28 տարիներ առաջ երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ Սրբազան Քահանայապետը Ասսիզիի մէջ կազմակերպած էր խաղաղութեան ի նպաստ միջկրօնական հաւաք մը որուն մասնակցեցան աշխարհի բոլոր վայրերէն ժամանած, բազմաթիւ կրօններու պատկանող ներկայացուցիչներ, միասնաբար աղօթելու եւ խորհրդածելու եղբայրութեան եւ խաղաղութեան նիւթին շուրջ







All the contents on this site are copyrighted ©.